ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Ընթացքին Ելոյթ Ունենալով`. «Իրանի Խօսքերուն Պէտք Է Հետեւին
Քայլեր, Որոնք Թափանցիկ Եւ Ստուգելի Են» Ըսաւ Օպամա
Երէկ Նիւ Եորքի մէջ ընթացք առաւ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր ժողովի 68¬րդ նստաշրջանը, որուն բացումը
կատարելով` ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ «ամբողջ Միջին Արեւելքի
կայունութիւնը վտանգուած է»: Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է երաշխաւորէ Սուրիոյ
մէջ քիմիական զէնքերու վերահսկողութիւնն ու վնասազերծումը` աւելցնելով, որ ակնկալութեամբ
կը սպասէ սուրիական քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին: Պան
Քի Մուն ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ միակ լուծումը քաղաքական փոխզիջումի միջոցով պիտի գոյանայ»`
աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապը ամբողջ շրջանին մէջ հարցեր կը ստեղծէ: ՄԱԿ¬ի ընդհանուր
քարտուղարը ողջունեց պաղեստինեւիսրայէլեան ուղղակի բանակցութեանց վերսկսումը: Միացեալ
Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, որ միջազգային ղեկավարներու շարքին երկրորդ խօսք առնողն
էր, յայտնեց, որ Իրանի կողմէ վերջերս կատարուած քայլերը պէտք է անոր հիւլէական ծրագիրին
շուրջ «իմաստալից համաձայնութեան» մը հիմք կազմեն: Ան նշեց, որ այժմ խօսքերուն պէտք է
հետեւին «քայլեր, որոնք թափանցիկ եւ ստուգելի են»: Օպամա նկատել տուաւ, որ իր երկիրը
կ’ուզէ Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցը խաղաղ միջոցներով լուծել, սակայն վճռակամ է Իրանի
հիւլէական զէնքի տիրանալը կանխարգիլելու: «Արգելքները կրնան շատ մեծ ըլլալ, սակայն հաստատ
կերպով կը հաւատամ, որ դիւանագիտական ուղին պէտք է փորձել», ըսաւ Օպամա` աւելցնելով,
որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի թելադրած է համաձայնութեան
մը ձգտիլ